Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարը շուտով կներկայացվի հայ ընթերցողին

Ուրախ ենք հայտնել, որ շուտով լույս կտեսնեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ի առաջին հրատարակումները։ Ներկայացնում ենք ձեզ «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան» Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրեն Ռազմիկ Փանոսյանի առաջաբանը շարքի մասին։ 

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարի առաջաբան

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ը բազմամեայ ու տարողունակ թարգմանական ծրագիր մըն է, որուն հիմքը դրուեցաւ 2015-ին՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կողմէ։ Անոր գլխաւոր նպատակն է կամրջել երկու ափերը այն վիհին, որ գոյացած է Հայաստանի (ու Սփիւռքի) հայագիր մտաւորականութեան եւ արեւմտեան աշխարհի ընկերային գիտութիւններու ու մարդկային ուսմանց միջեւ։ Մատենաշարը կը նախատեսէ հրատարակել տասը գիրքեր որոնցմէ ո՛չ մէկը, որքան որ գիտենք, ցարդ հայերէնի թարգմանուած է:

Այս մատենաշարին գաղափարը կը բխի աշխարհի բարձրարժէք եւ նորարար գրականութիւնը թարգմանելու մեր հնամեայ աւանդութենէն։ Արդարեւ, անոր կիզակէտը կը հանդիսանան ժամանակակից (Ի. եւ ԻԱ. դարեր) ամենէն ազդեցիկ ակադեմական ուսումնասիրութիւնները, որոնք Արեւմուտքի մէջ եւ այլուր բանալի դեր խաղացած են փիլիսոփաներու, ընկերային գիտութիւններու մասնագէտներու, հետազօտողներու եւ ուսանողներու մտաւոր կազմաւորման մէջ։ Այս գիրքերը ազդած են այլազան ընկերային գիտակարգերու զարգացումին, հետազօտական հարցադրումներուն եւ վերլուծական մօտեցումներուն վրայ: Բազմաթիւ մտաւորականներ ու քաղաքականութիւն ձեւաւորողներ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով ազդուած են այս կարեւոր գիրքերէն ու անոնց շուրջ եղած քննարկումներէն:

Թարգմանուելիք բնագրերու ընտրութիւնը դիւրին աշխատանք մը չէր։ Անհրաժեշտ էր հարիւրաւոր առաջարկները զտել, քանի որ մեր միջոցները կը ներէին ընդամէնը տասէն տասներկու գիրք հրատարակել: Երեք չափանիշեր նկատի առնուեցան վերջնական ընտրութիւնը կատարելու ընթացքին. ա) գիրքին ներգործութիւնը բազմաթիւ գիտակարգերու մէջ, բ) անոր անժամանցելի արժէքը ակադեմական շրջանակներու մէջ, եւ գ) մօտեցումներու ու լեզուներու այլազանութիւնը։ Ստիպուեցանք դուրս ձգել կարգ մը կարեւոր, յատկապէս պատմագրական աշխատասիրութիւններ, նկատի առնելով անոնց սահմանափակ ազդեցութիւնը պատմագիտութեան մարզէն դուրս: Կըյուսանք անոնցմէ քանի մը հատը ընդգրկել ապագային:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ի հրատարակութեան առաջին փուլին մէջ ներառուած են հետեւեալ գիրքերը.

1. Ալան Բադիու, «Դարը» / Alain Badiou, Le Siècle

2. Անտոնիո Գրամշի «Բանտի տետրեր» (վերնագրի աշխատանքային թարգմանություն) / Antonio Gramsci, Quaderni del carcere

3. Ժան-Ֆրանսուա Լիոտար, «Հետարդիական կացություն» (եւ յարակից գործեր) / Jean-Francois Lyotard, La condition postmoderne; Instructions Païennes et Le Postmoderne expliqué aux enfants.

4. Հաննա Արենդթ,«Ամբողջատիրության ակունքները» / Hannah Arendt, The Origins of Totalitarianism

5. Միշել Ֆուկո, «Գիտելիքի հնագիտությունը» (վերնագրի աշխատանքային թարգմանություն) / Michel Foucault, L’archéologie du savoir.

6. Յուրգեն Հաբերմաս, «Հանրայնության կառուցվածքային փոփոխությունը» / Jürgen Habermas, Strukturwandel der Öffentlichkeit

7. Ջորջօ Ագամբէն, «Մնացորդք Աւշուիցի: Արխիւը եւ վկան» / Giorgio Agamben, Quel che resta di Auschwitz. L’archivio e il testimone (Homo sacer III)

8. Ջուդիթ Բաթլեր, Էռնեստո Լակլաու, Սլավոյ Ժիժեկ, Դիպվածականություն, գերիշխանություն, միեղինություն. ժամանակակից երկխոսություններ ձախից» (վերնագրի աշխատանքային թարգմանություն) / Judith Butler, Ernesto Laclau and Slavoj Zizek, Contingency, Hegemony, Universality: Contemporary Dialogues on the Left.

9. Սիմոն դը Բովուար, «Երկրորդ սեռը» / Simone de Beauvoir, Le deuxième sexe

10. Եդուարդ Սայիդ, «Արեւելաբանութիւն» / Edward Said, Orientalism

Հետաքրքրական է նկատել, որ ընտրուած տասը գործերէն չորսը ֆրանսացի հեղինակներու կը պատկանին:

Թարգմանութիւնները վերջնական ձեւի հասցնելու համար իւրաքանչիւր թարգմանիչ գործակցած է յատուկ խմբագիրի մը հետ։ Գիրքերը կը հրատարակուին իրենց պատրաստութեան կարգով եւ օժտուած պիտի ըլլան թարգմանիչներուն կազմած բացատրական ծանօթագրութիւններով: Տասը գիրքերը լոյս պիտի տեսնեն եւ տարածուին հայաստանեան տարբեր հրատարակչատուներու կողմէ:

Թարգմանական այս ծրագիրը ճամբայ հանելու համար, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն բազմաթիւ գիտակարգեր ու մօտեցումներ ներկայացնող ութը մասնագէտներէ բաղկացած խորհրդատուական յանձնախումբ մը կազմեցինք ընտրութեան սատարելու, ու թարգմանական տարբեր խնդիրներու վերաբերեալ խորհուրդ տալու [1]։ Գիրքերուն ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ բազմաթիւ քննարկումներէն ետք, իսկ թարգմանիչները ընտրուեցան հրապարակային կոչի մը միջոցաւ՝ իրենց փորձառութեան եւ ներկայացուած թարգմանական նմոյշներուն հիման վրայ։ Յանձնախումբին թելադրութիւնները հաստատուեցան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

Տասը գիրքերէն երկուքը արեւմտահայերէնի, իսկ մնացեալ ութը՝ արեւելահայերէնի կը թարգմանուին։ Ապագային, կը յուսանք որ պիտի կարենանք բարելաւել հաւասարակշռութիւնը մեր երկու լեզուաճիւղերուն միջեւ, բան մը որ կախեալ պիտի ըլլայ թարգմանիչներու առկայութենէն ու պատրաստակամութենէն:

Ինչպէս գիրքերու ընտրութիւնը, նոյնպէս ալ այսպիսի բարդ բնագրերու թարգմանութիւնը պարզ աշխատանք մը չէ, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի լեզուի մը, որ Ի. դարուն զոյգ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է. խորհրդայնացում Հայաստանի մէջ, եւ լճացում Սփիւռքի մէջ։ Այս շարքին նպատակն է նաեւ հայերէն լեզուի արմատներու գործածութեամբ նոր յղացքներ թարգմանել ու լեզուն իր երկու ճիւղերով հարստացնել։ Թարգմանութիւններուն ընթացքին ստեղծուած են նոր բառեր կամ եզրեր, աւելի հին բառեր վերակենդանացուած ու պատշաճեցուած են, իսկ գոյութիւն ունեցող բառերու նոր իմաստներ տրուած են։ Բոլոր պարագաներուն, հիմնական մօտեցումը եղած է կարելի եղածին չափ օտարաբանութիւններէ խուսափիլ։

Եզրաբանական առումով, աշխատած ենք որոշ ներդաշնակութիւն մը ապահովել գիրքերուն միջեւ, առանց սակայն բառեր պարտադրելու թարգմանիչներուն։ Եզրաբանութեան գործածութիւնը բացատրուած է ծանօթագրութիւններուն մէջ։ Կ’արժէ նշել որ, օգտագործուած շատ մը եզրերու շուրջ լայն քննարկումներ ու բանավէճեր տեղի ունեցան թարգմանիչներուն միջեւ, որոնք շարք մը աշխատանքային նիստերու ընթացքին եզրաբանական ու թարգմանական այլ խնդիրներ արծարծեցին: Մատենաշարին արդիւնքներէն մէկը, հրատարակութիւններուն կողքին, բազմալեզու բառացանկի մը ստեղծումն է, որ օգտակար պիտի ըլլայ թարգմանչական համայնքին՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Բոլոր գիրքերը կը թարգմանուին իրենց բնագրային լեզուներէն՝ ֆրանսերէնէ, անգլերէնէ, գերմաներէնէ եւ իտալերէնէ։

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ը չորս բաղադրիչներ ունի. ա) առաջին եւ ամենէն լայնածաւալը, որ կ’ընդգրկէ այս տասը գիրքերը, օտար լեզուներէ դէպի հայերէն թարգմանութիւնն է: Միւս երեք բաղադրիչներն են՝ բ) ընկերային գիտութիւններու մարզէն ներս համընդհանուր արժէք ներկայացնող հայերէն ուսումնասիրութիւններու թարգմանութիւնը դէպի օտար լեզուներ, գ) կարեւոր բնագրերու հայերէնէ թրքերէն, եւ դ) թրքերէնէ հայերէն, թարգմանութիւնը:

Իւրաքանչիւր բաղադրիչ ունի իր ուրոյն տրամաբանութիւնը. հայկական մտածողութեան լաւագոյն տարրերը աշխարհին ներկայացնել, ինչպէս նաեւ հայ եւ թուրք գիտնականներու միջեւ երկխօսութիւնը զարգացնել։ Սակայն, առաջնակարգ նպատակը կը մնայ Հայաստանի ու հայախօս Սփիւռքի մէջ ընկերային գիտութիւններուն ու մտաւորականներու աշխարհահայեացքին հարստացումը՝ համաշխարհային ազդեցիկ գրականութիւնը մատչելի դարձնելով:

Երախտապարտ ենք բոլոր թարգմանիչներուն եւ խմբագիրներուն, որոնք ընդունեցին այս ծրագրին մաս կազմել։ Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ խորհրդատուական յանձնախումբին, որուն անդամները, հակառակ իրենց աշխատանքային ծանր ժամանակացոյցին, չզլացան իրենց ժամանակն ու խորհուրդը տրամադրելու ի շահ այս մատենաշարին: Գործնական եւ վարչական գետնի վրայ, բարեբախտաբար կը վայելենք ԱՐԻ Գրականութեան Հիմնադրամին աջակցութիւնը որպէս մատենաշարին կազմակերպական յենարանը:

ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Տնօրէն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունք

Լիզպոն, Նոյեմբեր 2019

[1] Խորհրդատուական յանձնախումբին անդամներն են. Շուշան Աւագեան (Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան, Հայաստան), Վարդան Ազատեան («Աշոտ Յովհաննիսեան հումանիտար հետազօտութիւնների ինստիտուտ», Հայաստան), Յակոբ Կիւլլիւճեան (Գալիֆորնիոյ Համալսարան-Լոս Անճելըս, ԱՄՆ), Սմբատ Յովհաննիսեան (Երեւանի Պետական Համալսարան, Հայաստան), Արմինէ Իշխանեան (Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան եւ Քաղաքական Գիտութեան Համալսարան, Մեծն Բրիտանիա), Րայմոն Յարութիւն Գէորգեան (Փարիզ VIII Համալսարան, Ֆրանսա), Արտաշէս Մարկոսեան (նախապէս՝ Արաս Հրատարակչատուն, Թուրքիա), Արա Սանճեան (Միշիկընի Համալսարան-Տիրպորն, ԱՄՆ)։