Թարգմանիչին կողմէ

Սոյն գիրքին իտալերէն բնագիրը լոյս տեսած է 1998ին։ Ձեւով մը շարունա­կու­թիւնն է ան ատկէ երեք տարի առաջ լոյս տեսած Homo sacer հատորին, որուն են­թախորա­գիրն էր՝ «Գերիշխան տիրակալութիւնը եւ մերկ կեանքը»։ Այդտեղ՝ Ջորջօ Ագամբէն արեւմտեան աւանդութեան մէջ քաղաքական գերիշխանութիւնը սահ­մա­նելու եւ գոր­ծադրելու եղա­նակ­ները խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր, զանոնք արմա­տական քննա­դա­տութեան մը կ՚են­թար­կէր, ցոյց կու տար որ չկայ գերիշխանութիւն առանց օրէն­քով օրի­նա­զրկուած կեանքի մը արտադրութեան, ու վերջապէս (փոխ առ­նելով Միշէլ Ֆուկոյի բառապաշարը) կը բացատրէր որ Ի. դարու համակեդրո­նաց­ման ճամբարը պէտք է հասկցուէր ու մեկ­նա­բանուէր «որպէս արդիականութեան կեն­սաքաղաքական յարացոյց»ը։ Ինչ որ կը պա­հանջէր «Աւշուից»ի ընդհանուր անունին տակ ներառ­նուած պատմական իրակա­նու­թեան շուրջ առանձին քննութիւն մը։ Ու ահաւասիկ՝ Quel che resta di Auschwitz գիրքը, որ իր վերնագիրին մէջ Եսայի մար­գարէին «մնա­ցորդք»ի գաղափարը կը հնչե­ցնէ։ Աւե­լի ուշ (2003), Ագամբէն նոր հա­տոր մը կ՚ա­ւել­ցնէր այդ շարքին, այս անգամ «արտա­կարգ վիճակ»ի մասին, որ եղած էր Homo sa­cer-ի կեդրոնական նիւ­թերէն մէկը, գեր­իշխանութեան կառոյցը ըմբռ­նե­լու համար։ Յետոյ տարիներու ըն­թացքին, մինչեւ 2014, Ագամբէն պատմական ու փիլիսո­փայա­կան հետազօտու­թիւն­ներով պիտի ճո­խացնէր քաղաքականութիւնը եւ կեանքը նոր մտածելու ծրագրով սկսուած իր աշ­խա­տանքը, ընդամէնը ինը գիրք։ Այս­օր բոլոր այդ ուսումնասիրու­թիւն­ները տարբեր կարգով մէկ կողքի տակ հաւաք­ուած են, որ նորէն Homo sacer ընդհանուր վերնա­գի­րը կը կրէ ու չորս բաժինէ բաղ­կացած է։ «Մնա­ցորդք Աւշուիցի» գիրքը այդտեղ երրորդ բաժինը կը կազմէ։ Կարելի է անշուշտ զայն կարդալ առանձին, ինչպէս որ կը հրամցնենք հոս, հետեւելով «վկայ»ի եւ «վերապ­րող»ի կերպարնեու կապակցութեան եւ զատորոշումին շուրջ առաջարկուած նրբա­կերտ ու (մեր կարծիքով) դարադարձիկ վերլուծումներուն։

            Կ՚ուզեմ հոս մասնաւոր շնորհակալութեան խօսք մը ուղղել Մինաս Լուռեա­նին, որուն խմբագրական աշխատանքը մեծապէս նպաստեց սոյն թարգմանութեան վերջ­նական (յուսանք՝ յղկուած) տեսքին։ Անշուշտ բոլոր սխալներն ու սայթաքում­ները, եթէ կան, վերա­գրելի են ինծի։